Հեռախոսահամար
հկտ 31, 2024 Նորութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանը թուայնացուցած է Վրաստանի Հանրապետութեան Նինոծմինտայի շրջանային «Արշալոյս» թերթը։ Անիկա նախկին «Ստալինեան ուղի» թերթին իրաւայաջորդն է։ Ներկայիս թերթին խմբագիրն է Լուսինէ Վարդանեանը։ Թերթին հիմնադիր խմբագիրն է Մոլիկ Սեդրակեանը, որ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուցած է եւ ծանօթ է իբրեւ Վահան Տէրեանի բանաստեղծութեան տօնի հիմնադիր։ Թերթը տարբեր տարիներու ընթացքին խմբագրած են նաեւ Ա. Վարդանեանը, Ա. Վարդապէտեանը եւ ուրիշներ։
Եղած է Վրաստանի մէջ լոյս տեսնող ամէնէն մեծ տպաքանակ ունեցող շրջանային թերթերէն մէկը։ Տպագրութեան լեզուն հայերէն է, սակայն երբեմն հրապարակուած են նաեւ ռուսերէն նիւթեր եւ թղթակցութիւններ։ Կը լուսաբանէ ջաւախահայութեան կեանքը, Վրաստանի եւ Հայաստանի հասարակական-քաղաքական իրադարձութիւնները։
«Արշալոյս» թերթի հաւաքածոն հասանելի է Ազգային գրադարանի «Հայ մամուլ» շտեմարանին մէջ հետեւեալ յղումով: