Հեռախոսահամար
հկտ 16, 2025 Նորութիւններ

«Ջրային մածնիտներ եւ լուծիչ մածնիտներ» դասընթացի երկրորդ օրը: Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութեան «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի եւ Ֆրանսայի Ժառանգութեան ազգային հիմնարկի համատեղ նախաձեռնութեամբ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը շարունակուի «Ջրային մածնիտներ եւ լուծիչ մածնիտներ» դասընթացը։
Օր 2 – հոկտեմբեր 15 Նիւթ․ Մածնիտներու կիրառումը թուղթէ հիմքով առարկաներու վրայ Օրուան ընթացքին մասնակիցները գործնականօրէն պատրաստեցին Ներխմորներով յագեցած կոշտ եւ մածուցիկ մածնիտներ, որոնք կը կիրառուին բնական սոսինձներու հեռացման եւ թուղթի շերտերու առանձնացման համար։
Ներկայացուեցաւ նաեւ «կիկլոմեթիքոն Դ5» լուծիչի կիրառութիւնը՝ որպէս օժանդակ միջոց՝ բիծերու եւ մակերեսային վնասներու կանխարգելման նպատակով։
