Հեռախոսահամար
հնվ 29, 2025 Միջոցառումներ
Երէկ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս հեքիաթի Ժամ էր, որ գրադարանի աշխատակիցներու երեխաները տեղափոխեց Քրիս վան Օլսպուրկի «Բեւեռային ճեպընթացի» մոգական աշխարհը։ Հեքիաթը ընթերցեցան հանրային կապերու բաժնի վարիչ Ներսէս Հայրապետեանը եւ հրաւիրուած յատուկ հիւր՝ Ճիմ Թիփէնը։ Անոնց կողմէ հեքիաթի հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով կենդանի ընթերցումը տօնական մթնոլորտ մը ստեղծած էին, որ ոչ մէկը անտարբեր թողուց։ Հեքիաթի իւրաքանչիւր էջ դահլիճը հիացումով կը լեցնէր, իսկ հերոսներու արկածները կը կենդանանային իւրաքանչիւր բառի հետ։
Ընթերցումէն ետք երեխաները աշխոյժ մասնակցեցան հարց ու պատասխանին։ Երեխաներու խանդավառութիւնն ու ոգեւորութիւնը կը վկայէին, որ ձեռնարկը լիովին հասաւ իր նպատակին՝ խթանել գրքի եւ ընթերցանութեան հանդէպ սէրը եւ զարգացնել երեխաներու կարողութիւնները եւ քննադատական մտածողութիւնը։
Նման ջերմ ու յիշարժան պահերը լաւագոյնս կ'ապացուցեն, որ իւրաքանչիւրի ներսդին կը պահուին մանուկ տարիքի յիշողութիւնները եւ հեքիաթները։ Մնացէ՛ք մեզի հետ, 2025-ին շատ հետաքրքրական ծրագիրներ ունինք բոլորին համար։