Հեռախոսահամար
հնվ 23, 2025 Նորութիւններ
Օրերս Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մշակութային կցորդ Նէյթըն Օսթինը։ Գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին տարիներու համագործակցութեան համար։ Շուրջ քսան տարի է Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի գրադարանի միջեւ գիրքի փոխանակութիւնը կ'իրականանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աջակցութեամբ, որ իր վրայ առած է գիրքերու առաքման եւ ստացման փոստային ծախսերը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նուիրատուութեամբ գրադարանի Թամանեանական մասնաշէնքի ընդհանուր ընթերցասրահին մէջ բաց դարակային եղանակով ընթերցողներու տրամադրութեան տակ է ամերիկեան դասական եւ ժամանակակից գրողներու գրադարանը։
Գրադարանի տնօրէնուհին Նէյթըն Օսթինին ներկայացուց գրադարանի յառաջիկայ ծրագիրները եւ զարգացման հեռանկարները, ներառեալ նաեւ ամերիկեան համալսարաններու հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու հետ փոխադարձ կապերու խորացումը։