Հեռախոսահամար
հնս 16, 2026 Նուիրատուութիւններ Նորութիւններ
p style="text-align:center;"> 
Հայաստանի ազգային գրադարանը համալրուած է բացառիկ արժէք ներկայացնող գիրքերով, որոնք գրադարանին նուիրած է աշխարհագրագէտ, քարտէսագէտ-քարտէսաբան Ռուբէն Գալչեանը։ Նուիրաբերուած հրատարակութիւնները կ’առանձնանան հեղինակային ինքնագիրներով՝ ունենալով ոչ միայն մատենագիտական, այլեւ պատմամշակութային կարեւոր նշանակութիւն։ Նուիրաբերուած գիրքերէն է Պարոյր Սեւակի «Անմահները կը հրամայեն» գիրքի 1948 թուականի հրատարակութիւնը։ Գիրքի տիտղոսաթերթին վրայ պահպանուած է հեղինակի ինքնագիրը, որմով ան 1949 թուականի յունիս 3-ին գիրքը նուիրած է իր ընկերներուն․ «Սիրելի Ռաֆայէլ Բոցենցի ձեռքով՝ Թիֆլիսի իմ գրչակից բարեկամներուս, ծանօթ-անծանօթ ընկերներուս՝ յառաջիկային հանդիպելու ակնկալիքով եւ այս լաւագոյն ցանկութեամբ, որ կրնային միայն բանասէրները ունենալ»։
Առանձնակի արժէք ունի նաեւ Օսկար Ուայլտի «Ինֆանթայի ծննդեան օրը» գիրքի 1909 թուականի հրատարակութիւնը, որուն վրայ պահպանուած է անուանի նկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանցի ինքնագիրը։ 1910 թուականի փետրուար 18-ին ան գիրքը նուիրած է իր քրոջը՝ գրելով․ «Սիրելի քրոջս՝ միասին վերապրած ծանր օրերու յիշատակին»։ Այս բացառիկ հրատարակութիւնները, որոնք կը կրեն հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչներու ինքնագիրներն ու յիշատակային գրառումները, իրենց արժանի տեղը պիտի գտնեն ՀԱԳ Անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի Ինքնագիրներու եւ անհատական հաւաքածոներու ենթաբաժնին մէջ՝ հարստացնելով ազգային ժառանգութիւնը եւ նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելով հետազօտողներու եւ ընթերցողներու համար։
