ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը Ուզպեքստանում մասնակցած է Եւրասիոյ գրադարանային յանձնաժողովի կազմակերպած միջոցառումներուն

մյս 22, 2024 Նորութիւններ Պաշտօնական

ուզբեկստան այց

Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը եւ արտաքին կապերու բաժինի վարիչ Աստղիկ Խաչատրեանը մայիս 15-էն 17 Սամարղանտի եւ Ճիզաքիի մէջ (Ուզպեքստան) մասնակցած են Եւրասիոյ գրադարանային յանձնաժողովի եւ Ուզպեքստանի Ա. Նաւոյիի անուան ազգային գրադարանի համատեղ կազմակերպած միջոցառումներուն։

Ազգային գրադարաններու տնօրէններուն եւ յառաջատար մասնագէտներուն մասնակցութեամբ ծրագրի շրջանակէն ներս «Գրադարանային համագործակցութիւն. գործընկերութիւն եւ նորարարութիւն» խորագրով միջազգային գիտաժողովէն ներս քննարկուած հարցերէն էին Անկախ պետութեանց համագործակցութեան գրադարաններու գործընկերային նախագիծերը եւ օգտուողներուն համար նորարարական թուային ծառայութիւններու մատուցումը, թուային միջավայրում ժամանակակից մատենագիտութեան նոր մօտեցումները, ձեւաչափերը եւ այլն։

իջնո

Հայաստանի ազգային գրադարանի ներկայացուցիչները մասնակցեցան նաեւ «Կեդրոնական Ասիա 2024. համացանց, տեղեկատուական եւ գրադարանային պաշարները գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ գործարարութեան մէջ» 17-րդ միջազգային համաժողովի աշխատանքներուն, որուն ծիրէն ներս տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը զեկուցում մը կարդաց «Ծառայութիւններ` Հայաստանի ազգային գրադարանի ԿԱՊԿՈՒ ծրագիրը կրթութեան առանձնայատուկ պայմաններու կարիք ունեցող այցելուներու համար. մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն (WIPO) – ՀԱԳ համագործակցութեան փորձառութիւն» խորագրով։