ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի ազգային գրադարան այցելած էր Լաթուիոյ ներկայացուցիչ Նարինէ Ապաղեան-Շիցան

հկտ 11, 2024 Նորութիւններ Պաշտօնական

լատվիա գրադարաննն

Հայաստանի ազգային գրադարան այցելած էր Լաթուիոյ ամէնէն մեծ ու ամէնէն ճանչցուած «SIA JĀNIS ROZE» ընկերութեան եւ հրատարակչութեան ղեկավար ու լիազօր ներկայացուցիչ Նարինէ Ապաղեան-Շիցան։ Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ապագայ համագործակցութեան ծրագիրներ։

Նարինէ Ապաղեան-Շիցան գրադարանին նուիրեց Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու լաթուիերէն թարգմանութիւններու ժողովածոն եւ նշեց, որ շուտով գրադարանին նուիրատուութիւններու շարքին մէջ պիտի աւելնան Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսալեռան 40 օրը», Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպերուն եւ Գրիգոր Նարեկացւոյ «Մատեան ողբերգութեան» բանաստեղծութեան լաթուիերէն թարգմանութիւնները։