ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գտնուէին Լոռուայ մարզի Ստեփանաւանի քաղաքային գրադարանին աշխատակիցները

հնս 17, 2024 Նորութիւններ

xmbov 
 

Մայիս 31-ին ճանաչողական այցելութեամբ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գտնուէին Լոռուայ մարզի Ստեփանաւանի քաղաքային գրադարանին աշխատակիցները: Անոնց նպատակն էր ծանօթանալ գրադարանի տարբեր բաժիններու աշխատանքին, ուսումնասիրել գրադարանի տեղեկատու-մատենագիտական շտեմարանները, ընթերցողներուն մատուցուող թուային ծառայութիւնները եւ գրադարանին համար օգտակար գործընկերային կապեր հաստատե: Այցելութեան ընթացքին գրադարանավարներու խումբը եղաւ համալրման, համագործակցութեան եւ գրքափոխանակութեան, հայերէն գրականութեան մշակման, մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան, սպասարկման բաժիններուն մէջ, ուր մեր մասնագէտները ներկայացուցին իրենց աշխատանքը եւ պատասխանեցին գրադարանավարներուն հարցումներուն:

Գրադարանին հետ ծանօթութիւնը աւարտեցաւ Թամանեանական մասնաշէնքին մէջ ճեպայցով եւ Գրատպութեան թանգարան այցելութեամբ, ուր զանոնք դիմաւորեց եւ հայ գիրքի պատմութիւնը եւ թանգարանին հարուստ ցուցադրութիւնը ներկայացուց վարիչ Բալասան Յարութիւնեանը:

ste

Օրաւարտին Ստեփանաւանի քաղաքային գրադարանի աշխատակիցներուն հետ հանդիպում ունեցաւ Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը: Տիկին Չուլեանը ՀԱԳ-ին կողմէ պատրաստակամութիւն յայտնեց խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրելու Ստեփանաւանի գրադարանէն ներս նախատեսուած յառաջիկայ բարեփոխումներու ընթացքին: Իր հերթին Ստեփանաւանի քաղաքային գրադարանի վարիչ Սոֆիա Տունիամալեանը աշխատակիցներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ բովանդակալից, յագեցած օրուան համար: