Հեռախոսահամար
մրտ 03, 2026 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

Պէյրութի մէջ տպագրուող «Ազդակ», «Զարթօնք», «Արարատ» օրաթերթերը, անոնց բացառիկ թիւերը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հանդէսներ, թերթեր ու պարբերականներ գրադարանին նուիրած է Հայաստանի ազգային գրադարանի աջակից ու բարեկամ, պատմաբան, հայագէտ, մատենագէտ եւ հայ մամուլի ուսումնասիրող Գէորգ Եազըճեանը: Նշենք, որ տարիներու ընթացքին անոր նուիրատուութիւններուն շնորհիւ գրադարանի հաւաքածոն համալրուած է աւելի քան 2500 միաւոր գրականութեամբ։
Վերջին համալրման ընթացքին, Գէորգ Եազըճեանը գրադարանին փոխանցած է նաեւ իր անձնական հաւաքածոյէն բացառիկ՝ մինչ այս գրադարանին մէջ բացակայող օրինակներ, ինչպէս՝ «Հիւսիսափայլ», «Դրօշակ», «Յառաջ», «Շիրակ», «Նոր օր», «Արաքս», «Շողակաթ», «Հայ թերթ», «Ձայն բազմաց», «Zavarian», «Ռազմիկ», «Ճրագ», «Նայիրի», «Վահագնի կանչ», մանկապատանեկան ամսագիրներ եւ այլ հրատարակութիւններ՝ զգալիօրէն նպաստելով հայ մամուլի ուսումնասիրութեան ու պահպանութեան։
Հայաստանի ազգային գրադարանը բարձր կը գնահատէ եւ իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Գէորգ Եազըճեանին՝ հայ մամուլի պահպանման եւ ազգային գրապահոցի հարստացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար։
