ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայ մամլոյ օրը

հկտ 23, 2024 Նորութիւններ

mamwuli or 16.10.202444 
 

Արդէն 20 տարիէ ի վեր՝ 2004 թուականէն, Հայաստանի մէջ հոկտեմբեր 16-ին կը նշուի Հայ մամլոյ օրը։ 230 տարի առաջ այս օրը՝ 1794 թուականի հոկտեմբեր 16-ին, Մատրասի մէջ լոյս տեսաւ հայ մամլոյ առաջնեկ «Ազդարարը» (պարբերականին ծանօթանալու համար կրնաք այցելել Հայաստանի ազգային գրադարանի «The Museum of Printing / Գրատպութեան թանգարան»)։ Ի նշանաւորումն այս իրադարձութեան ալ Հայաստանի կառավարութեան 2004 թուականի ապրիլ 22-ի որոշմամբ սահմանուեցաւ Հայ մամլոյ օրը։

Կը շնորհաւորենք բոլոր լրատուամիջոցները՝ մասնագիտական տօնին առթիւ, մաղթելով սուր գրիչ, իրադարձութիւններուն հրատապ արձագանգելու կամք ու հմտութիւն, լրագրողական մեծ ու արհեստավարժ անձնակազմ։

Առիթէն օգտուելով՝ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր գործընկեր լրատուամիջոցներուն՝ գրադարանային անցուդարձը եւ յատկապէս Հայաստանի ազգային գրադարանի հիմնադրման 105-ամեակին նուիրուած «Ժառանգութեան պահպանութիւն՝ յանուն կայուն ապագայի» խորագրով միջազգային երկրորդ գիտաժողովը լուսաբանելու համար։