Հեռախոսահամար
հլս 15, 2025 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանը եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանը ունին տասնամեակներու համագործակցութեան պատմութիւն։ Օրերս Գրադարան այցելած էր Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ գերաշնորհ տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը։ Շահան Սրբազանը, ինչպէս միշտ, դատարկաձեռն չէր եկած։ Ան Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրեց երկու տասնեակ հայագիտական արժէքաւոր հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական հրատարակութեան՝ «Հասկ» ամսագրի 2024 թուականի բացակայ համարները։ «Հասկ» կրօնական, գրական եւ բանասիրական ամսագիրը Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական հրատարակութիւնն է։ Լոյս կը տեսնէ 1932-ի յունուարէն, Անթիլիասի մէջ։ «Հասկ» ամսագրի թուայնացուած եւ նշաճանաչուած համարները հասանելի են «Հայ մամուլ» շտեմարանէն՝ https://is.gd/4ojgXd:
Ի դէպ, 2021-ին Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի միջեւ կնքուեցաւ փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիր` համատեղ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպման, հայ գիրքի եւ մամլոյ թուային պատճեններու փոխանակման, մասնագէտներու փոխայցելութիւններու, թուայնացման եւ համացանցային համատեղ ծրագիրներու իրականացման տեսլականներով
Հայաստանի ազգային գրադարանը երախտագիտութեամբ կ՚ընդունի գրադարանի հաւաքածոները հարստացնող հրատարակութիւնները եւ շնորհակալ է մեր բոլոր նուիրատուներուն։