ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հանրային դասախօսութիւն | Հենրիկ Էտոյեան «խօսք, ժամանակ, տարածութիւն»

օգս 14, 2023 Միջոցառումներ-arm Հանրային դասախոսություններ

IMG-0464_1-1
 

Մարտ 21-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ դահլիճէն ներս, Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ հանրային դասախօսութիւն մը՝ «խօսք, ժամանակ, տարածութիւն» խորագիրով:  
Բանախօսը՝ բանաստեղծ, գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Հենրիկ Էտոյեանն էր:  
Էտոյեանը անդրադարձաւ մարդ-արուեստ փոխյարաբերութեան, ժամանակակից մարդուն եւ ընթերցանութեան վրայ՝ համացանցի ու նոր արհեստագիտութեանց ներգործութեան։ Դասախօսութեան մասնակիցները անոր հարցումներ ուղղեցին՝ բանաստեղծական արուեստի, գրողի վարպետութեան, երջանկութեան փիլիսոփայական ընկալման եւ այլ նիւթերով:  
Միջոցառման առթիւ՝ Հանրային կապերու բաժինը գրքային ցուցահանդէս մը ձեւաւորած էր, ուր ներկայացուած էին Հենրիկ Էտոյեանի շուրջ 25 ժողովածոները, թարգմանական եւ գրականագիտական հրատարակութիւնները։

IMG-0454_1-1