ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հանրային դասախօսութիւն | Մովսէս Հերկէլեան «Այվազովսկին և թուրքերը»

օգս 14, 2023 Միջոցառումներ-arm Հանրային դասախօսութիւններ

IMG-0387-1-1
 

Ազգային գրադարանէն ներս, մարտ 10-ին, կազմակերպուած էր հերթական հանրային դասախօսութիւնը «Այվազովսկին եւ թուրքերը» խորագիրով: Օրուան բանախօսը ճանչցուած լիբանանահայ մտաւորական, հրատարակիչ եւ մշակութային գործիչ Մովսէս Հերկէլեանն էր:  
Բազմաթիւ փաստերով ու մանրամասնութիւններով համեմուած դասախօսութեան ընթացքին՝ Մովսէս Հերկէլեանը ներկայացուց Յովհաննէս Այվազովսկիի կեանքն ու գործունէութիւնը, մասնաւորապէս անդրադարձաւ Այվազովսկիի թրքական առնչութիւններուն, ներկայացուց Պոլիսը եւ թրքական բնաբանը անոր նկարչութեան մէջ: Ռուս-ուքրանական մէկ տարիէ աւելի տեւող պատերազմին պատճառաւ՝ միջազգային մամլոյ մէջ հաղորդագրութիւններ տեղ գտան Այվազովսկիի ժառանգութեան պատկանելիութեան մասին: Հերկէլեանը շեշտեց, որ չորս ազգեր՝ ռուսերը, թուրքերը, ուքրանացիները եւ հայերը, կը վիճարկեն Այվազովսկիի ստեղծագործութեան պատկանելիութիւնը: Ան ներկայացուց այդ հարցին մէջ թրքական «հիմնաւորումները», որոնց վերաբերեալ բուռն քննարկում ծաւալուեցաւ, եւ միջոցառման մասնակիցները բազմաթիւ հարցեր ուղղեցին բանախօսին:  
Դասախօսութեան աւարտին՝ Մովսէս Հերկէլեանը շուրջ 40 արուեստագիտական հրատարակութիւն նուիրեց գրադարանին։ Միջոցառման սրահը լի էր Այվազովսկիի կտաւներուն գոյներով՝ յագեցած գեղարուեստի եւ հռչակաւոր ծովանկարիչին պատկերած ալիքներուն լոյսով ու ալեբախութեամբ։ Այդ օրը՝ գրադարանին հետ բարեկամութեան ամուր կամուրջ մը եւս կապուեցաւ:  
Մովսէս Հերկէլեանը ծնած է 1949-ին՝ Լիբանանի Այնճար գիւղաքաղաքին մէջ, ուր եւ ստացած է իր նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը: 1970-ական թուականներուն` ներկայիս մագիստրոսական կրթութեան համարժէք համալսարանական երկու մասնագիտութիւն ստացած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ նախ ուսանելով Երեւանի պետական համալսարանէն ներս, ապա՝ գեղարուեստական-թատերական հիմնարկէն ներս։  
Վերադառնալով Լիբանան՝ Հերկէլեանը բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է կրթութեան եւ լրագրութեան ասպարէզներէն ներս: Ան հեղինակած եւ հրատարակած է աւելի քան 20 գիրք եւ ուսումնասիրութիւն՝ նուիրուած տարբեր արուեստագէտներու, որոնց շարքին է՝ Սերկէյ Փարաճանովը, Արշիլ Կորքին, Վահան Ռումէլեանը եւ այլք: 
Մովսէս Հերկէլեանը կը թղթակցի ինչպէս հայկական («Բագին», «Ազդակ», «Հասկ», «Հորիզոն», «Կամար», «Զարթօնք», «Արծիւ», «Գեղարդ», «Ասպարէզ», «Ալիք», «Արարատ», «ԹորոնթոՀայ»), այնպէս ալ միջազգային շարք մը ճանչցուած պարբերականներու (անգլերէն «Fine Art Magazine» (New York), անգլերէն-ֆրանսերէն «Luxe-Immo» (Monaco), «L.I.ART» բազմալեզու հանդէսը եւ այլն): Իբրեւ պէյրութեան «Noah’s Ark Art Gallery» պատկերասրահի սեփականատէր, ան հայ կերպարուեստը ներկայացուցած է աւելի քան 30 միջազգային փառատօներու շրջանակներէն ներս:

IMG-0389_1-1