Հեռախոսահամար
նմբ 21, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Այս շաբաթ Ազգային գրադարանը Երուսաղէմի «Սիօն» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ներսէհ վարդապետ Ալոյեանէն նուէրներ ստացած է։ Լուսանկարներուն մէջ երեւցող երուսաղիմեան հրատարակութիւնները լոյս տեսած են տասնեակ տարիներ առաջ եւ կը բացակային գրադարանի հաւաքածոներէն։
Հայ գիրքին տեղը Հայաստանի ազգային գրադարանն է։ Տարիներ առաջ տպագրուած հրատարակութիւններու յետադարձ համալրումը կարելի է միայն գործակից գրադարաններու եւ անհատ նուիրատուներու միջոցաւ։ Սփիւռքի մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւնները գրադարան կը հասնին գրեթէ բացառապէս Ներսէհ վարդապետ Ալոյեանի նման հայրենանուէր անհատներու միջոցաւ, որոնք կ’օգնեն ամբողջացնել հայ գիրքի հաւաքածոն։ Շնորհակալ ենք, վարդապետ։