Հեռախոսահամար
օգս 07, 2024 Նորութիւններ
Օրերս Հայաստանի ազգային գրադարանի աշխատակիցները, արձագանգելով «իրաւական նախաձեռնութիւններու կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հրաւէրին, գտնուեցան «Սեւան» քրէակատարողական հիմնարկէն ներս։ Այցելութեան նպատակն էր գրականութիւն նուիրել «Սեւան» ՔԿՀ-ի գրադարանին, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունենալ դատապարտեալներուն հետ, անոնց ներկայացնել Ազգային գրադարանի կայքը, պաշարները, շտեմարանները եւ, առհասարակ, Ազգային գրադարանի դերն ու նշանակութիւնը հայ ընթերցողի կեանքին մէջ:
Կան անտեսանելի գրադարաններ, որոնց գոյութեան եւ գործունէութեան մասին հասարակութիւնը սովորաբար անտեղեակ է։ Մինչդեռ բժշկական հաստատութիւններու, առողջարաններու, զինուորական եւ այլ ոչ հանրային բնոյթի գրադարանները կարեւոր առաքելութիւն ունին։ Նման անտեսանելի գրադարաններ կը գործեն նաեւ քրէակատարողական հիմնարկներէն ներս։ Դատապարտեալներուն համար գիրքը եւ ընթերցանութիւնը անփոխարինելի դեր ունին։ ՔԿՀ գրադարաններուն մէջ ոչ միայն գեղարուեստական գիրքերու կարիք կայ, այլեւ՝ ուսումնական եւ մասնագիտական գրականութեան, քանի որ շատ դատապարտեալներ հեռավար կրթութիւն կը ստանան։ Շատերն ալ տեղւոյն վրայ նոր մասնագիտութիւններ կ’իւրացնեն։
Գրադարանի աշխատակիցները հնարաւորութիւն ստացան շրջայց կատարելու քրէակատարողական հիմնարկի տարածքէն ներս, տեսնելու այնտեղ գործող երկու գրադարանները, շփուելու դատապարտեալներուն հետ։ Հաճելի անակնկալ էր տեսնել ՔԿՀ-ի բարեկարգ, խնամուած տարածքը, դատապարտեալներու ֆութպոլային խումբի մարզումը։