ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Գրադարան այցելած էին Հայ կրթական հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդին անդամները

հկտ 11, 2024 Նորութիւններ

սեպ 19հայկրթական

Հայաստանի ազգային գրադարան այցելած էին Հայ կրթական հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդին անդամները։ Գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի ուղեկցութեամբ անոնք շրջայց մը կատարեցին գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքէն ներս, ծանօթացան գրադարանի պատմութեան նորաբաց ցուցասրահին, այնուհետեւ գտնուեցան Գրատպութեան թանգարանէն ներս։ Թանգարանին վեց ցուցասրահները անոնց առջեւ բացին հայ գրատպութեան ողջ ուղին, հայկական տպագրութեան պատմութեան ուշագրաւ դրուագները։

թանգ.կրթ.2024

Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հիմնադրուած է 1950 թուականին Լոս Անճելոսի մէջ` հայ ուսանողներուն եւ կրթական հաստատութիւններուն աջակցելու նպատակաւ: 1986-ին «UCLA»-ի համալսարանէն ներս Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի անուան նորագոյն պատմութեան ամբիոնի հիմնադրման համար Հայ կրթական հիմնարկութիւնը զգալի գումար նուիրաբերած է:

նախ.կրթ.2024

Տարիներու ընթացքին Հայ կրթական հիմնարկութիւնը 200-է աւելի դպրոցներ վերանորոգած ու հիմնանորոգած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ: Հարիւրաւոր ուսանողներ տարիներ շարունակ ստացած են կրթաթոշակներ՝ ուսման ամբողջական վճարի չափով: ՀԿՀ-ը նաեւ Հայաստանի ազգային գրադարանի վաղեմի բարեկամն է։