ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Շնորհաւոր գիտելիքի եւ դպրութեան օրը

սպտ 06, 2023 Միջոցառումներ

«Չկայ աւելի հզօր ուժ, քան գիտելիքը, գիտելիքով զինուած մարդն անպարտելի է»,- Մ. Կորքի: Այսօր սեպտեմբեր 1-ն է՝ Գիտելիքի եւ դպրութեան օրը։ Յուզիչ պահերով լի այս օրը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի յատկապէս առաջին դասարանցիներուն համար, ովքեր առաջին անգամ ըլլալով ոտք կը դնեն դպրոցի կամարներէն ներս: Այս օրը միշտ տօնական եղած է թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ մեծերուն համար։ 

Ազգային գրադարանին դռները միշտ բաց են ձեր առջեւ, սիրելի դպրոցականներ եւ ուսանողներ։ Զինուեցէ՛ք գիտելիքներով, վասնզի գիտելիքն է ամէնէն հզօր «զէնքը»՝ թէ՛ այսօր, թէ՛ վաղը։ Թող ուսումնական տարին յաջողութիւն բերէ իւրաքանչիւրիդ, ըլլայ հետաքրքրական, լեցուն՝ նոր յոյսերով, յայտնութիւններով եւ նուաճումներով, թող իրականանան ձեր սպասումներն ու երազանքները։ Խաղաղութիւն եւ տոկունութիւն մեր հայրենիքին։