Հեռախոսահամար
մրտ 22, 2025 Նորութիւններ
Այսօր ՀԽԸՀ վաստակաւոր ճարտարապետ, Երեւանի ճարտարապետական դիմագիծը կերտողներէն մէկուն՝ Գէորգ Թամանեանի ծննդեան 115-ամեակն է։ Անոր անունը կապուած է բազմաթիւ նշանաւոր շինութիւններու հետ, որոնք ձեւաւորած են Երեւանի մշակութային եւ հասարակական միջավայրը։
Թամանեանի աշխատանքները աչքի կը զարնեն դասական ճարտարապետութեան եւ ազգային տարրերու ներդաշնակ համադրութեամբ։ Անոր նախագծած կառոյցները ոչ միայն ճարտարապետական արժէք ունին, այլեւ սերունդներու համար դարձած են պատմութեան կենդանի վկաներ։
Հայաստանի ազգային գրադարանը երախտագիտութեամբ կը յիշէ Գէորգ Թամանեանը։ Իր նշանաւոր հօր՝ Ալեքսանդր Թամանեանի մահէն ետք, ի՛նքն էր, որ աւարտին հասցուց շինարարական ընթացքի մէջ գտնուող Ազգային գրադարանի՝ Տէրեան փողոցի վրայ կառուցուած շէնքը։ Յետագային՝ 1972-ին եւ 1976-ին, գրադարանին կից այգիի կողմէն, անոր նախագծով կառուցուած են գրադարանի երկրորդ եւ երրորդ մասնաշէնքերը։