ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Գաբրիէլ Սունտուկեանի 200-ամեակ

օգս 28, 2025 Նորութիւններ

IMG-0387-1-1

Սեպտեմբեր 4-ին, ժամը՝ 16:00-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանի մեծ ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի հայ թատրոնի դասական Գաբրիէլ Սունտուկեանի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած գրականութեան բացառիկ ցուցահանդէս մը։ Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Ազգային գրադարանի հարուստ պահոցներէն ընտրուած գրեթէ ողջ գրական ժառանգութիւնը՝ սկսած 1860-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը։

Գաբրիէլ Սունտուկեանի ստեղծագործական ուղին եւ անոր գրական ժառանգութեան կարեւորութիւնը պիտի ներկայացնէ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոսենթ, խմբագիր եւ լրագրող Անի Փաշայեանը։ Թատերական գոծիչին ժառանգութեան մասին պիտի խօսի արուեստագիտութեան թեկնածու, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի թատերական բաժնի վարիչ Նայիրա Շահուալատեանը։

Ցուցահանդէսի համակարգող եւ պատասխանատու՝ Հայաստանի ազգային գրադարանի Ընդհանուր ընթերցասրահի աշխատակազմ։ Հայաստանի ազգային գրադարան Տէրեան 72, Թամանեանական մասնաշէնք, մեծ ցուցասրահ Մուտքը՝ ազատ Հեռ.՝ 033 62 35 13