ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ֆրանսահայ հայագէտ Յարութիւն Խաչատուրեանը ՀԱԳ-ին է նվիրել ««Յուշարձանները եւ ինքնութիւնները Կովկասի մէջ..» գրքի անգլերէն հատորը

մյս 06, 2024 Նորութիւններ

աննաչուլյանգիրք

Օրերս ճանչցուած ֆրանսահայ հայագէտ Յարութիւն Խաչատուրեանը (Haroutioun Khatchadourian) Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրեց «Յուշարձանները եւ ինքնութիւնները Կովկասի մէջ. Ղարաբաղը, Նախիջեւանը եւ Ատրպէճանը ժամանակակից աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան մէջ» (Պրիլ, 2023) անգլերէն հատորը։ 1683 թուականին, Լէյտնի մէջ (Հոլանտա) հիմնադրուած Պրիլ հրատարակչութեան տպագրած ակադեմական հրատարակութեան մէջ ներկայացուած է ութը ազգերու անուանի գիտնականներու 17 ուշագրաւ հրապարակում՝ ներկայացուած է հազուագիւտ լուսանկարներով եւ քննարկուած է բոլոր յուշարձաններու մանրամասն գոյքագրմամբ:

Գիտնականներուն ուշադրութեան կեդրոնին են Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ դժուար հասանելի լեռնաշխարհը եւ սերունդներուն ստեղծած գեղարուեստական ժառանգութիւնը: Արցախի եւ Նախիջեւանի բազմաթիւ հնագոյն եւ միջնադարեան յուշարձաններ, որոնք դեռեւս չեն քանդուած, այսօր լուրջ վտանգուած են մշակութային ոչնչացման քաղաքականութեան պատճառաւ, որ կը հաստատուի ժամանակակից Ատրպէճանի պետութեան կողմէ: Գիրքը շուտով կրնաք կարդալ Հայաստանի ազգային գրադարանի ընթերցասրահներուն մէջ։