ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ֆիլմի դիտում | Սիլուին Թեսոն «Սեւ ճանապարհներուն»

մրտ 12, 2024 Միջոցառումներ Սինէ-ակումբ

franko
 

Ֆրանսախօսութեան երկամսեակի շրջանակէն ներս Հայաստանի ազգային գրադարանը, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ, մարտ 18-ին հիւրընկալեց ժամանակակից ֆրանսացի ճանապարհորդ եւ գրող Սիլուին Թեսոնը եւ «Ֆիկարօ» ամսագրի տնօրէնի տեղակալ Ժան-Քրիստոֆ Պուիսոնը։

Ֆրանսացի հիւրերը, ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանին եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած երկրներու դեսպանները դիմաւորեց Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը: Գրադարանէն ներս փոքրիկ շրջայցի ընթացքին տիկին Չուլեանը բարձրաստիճան հիւրերուն ներկայացուց Ազգային գրադարանի հիմնադրման եւ Թամանեանական մասնաշէնքի կառուցման պատմութիւնը: Հրաւիրեալները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին Թեսոնի «Սեւ ճանապարհներուն» վէպի հիման վրայ 2023 թուականին նկարահանած համանուն ֆիլմը: Դիտումին յաջորդեց քննարկում Սիլուին Թեսոնի եւ Ժան-Քրիստոֆ Պուիսոնի հետ, որ վարեց Վալերի Պրուսովի անուան պետական համալսարանի դասախօս, բանասիրական գիտութեանց թեկնածու, տոսենթ Անի Ջանիկեանը:

kchulyani

Ֆրանսախօս ուսանողները առաւել հետաքրքրուած էին վէպ-ֆիլմ յարմարացման, գրողի կեանքի շրջադարձային միջադէպի պատմութիւններով: Միջոցառումը լուսաբանող լրագրողներուն հետաքրքրող հարցերէն էր՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօսութեան երկամսեակը որքանո՛վ կրնայ նպաստել ֆրանս-հայկական յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Սիլուին Թեսոնը կարեւորեց, որ Ֆրանսախօսութեան օրերը առիթ են դարերու պատմութիւն ունեցող ֆրանս-հայկական մշակութային փոխառնչութիւնները առաւել ամրապնդելու համար: Ան հիացած էր հայերու՝ ֆրանսական մշակոյթի խոր իմացութեան մակարդակով: Թեսոնը շեշտեց, որ այս ֆիլմին ընտրութիւնը պատահական չէ: Ինչպէս վէպին հերոսը կեանքի դժուար փուլին քալելով երկար ճանապարհ կ’անցնէր մութ ու մռայլ ճամբաներով՝ հասնելով նպատակակէտին, այնպէս ալ գրողը ինքը կը հաւատար, որ կու գայ օրը, երբ հայ ժողովուրդը փապուղիին վերջը պիտի տեսնէ լոյսը եւ հասնի իր երազանքին: Թեսոնը վստահ է ատոր մէջ: