Հեռախոսահամար
մրտ 27, 2025 Նորութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանի ֆէյսպուքեան էջը ունի շուրջ 23,500 հետեւորդ։ Մեր հետեւորդներու 77 տոկոսը կիներ եւ աղջիկներ են։ Տարիքային ամենամեծ խումբը 25-44 տարեկաններն են։ Յունուար-մարտ ամիսներուն գրադարանի ֆէյսպուքեան էջը աւելի քան 500 հազար դիտում ունեցած է։ Ազգային գրադարանի հրապարակումները հասանելի եղած են շուրջ 100 հազար հետեւորդի։
Ամենադիտուած հրապարակումները՝ - ԿԳՄՄ նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեանի այցելութիւնը Ազգային Գրադարան եւ «Մայրենիի ընթերցանութիւն» ողիմպիականի մասնակիցներու պարգեւատրումը. 19 փետրուար, 23.487 դիտում։ - Հանրային Հեռատեսիլի Առաջին ալիքի «Առաւօտ լուսոյ» ծրագրի հիւրն էր Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը. 15 յունուար, 17.363 դիտում։
- Հայաստանի Նախագահի աշխատակազմի կողմէ մարզային եւ համայնքային գրադարաններուն գիրքեր նուիրելու եւ ՀԱԳ-ի կողմէ «Տարուան օրինապահ հրատարակիչ» վկայագիրներու յանձնման արարողութիւն. 19 փետրուար, 16.147 դիտում։
Արսէն Վարդանեանի Մայրենիի օրուան նուիրուած հանրային դասախօսութիւնը. 24 փետրուար, 13.514 դիտում։ - «Ի՞նչ կը կարդան Երեւանի եւ մարզերու մէջ». գրքային քարտէզի տարեկան ամփոփում. 5 յունուար, 13.318 դիտում։