ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«CENL»-ի տնօրէններու տարեկան ընդհանուր ժողով

օգս 21, 2023 Նորություններ-arm

356631183_647217964124932_670116896236038163_n 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանը կ'ընդլայնէ եւ կը խորացնէ գործընկերային կապերը եւրոպական երկրներու գրադարաններուն հետ։  
Փարիզի մէջ, յունիս 19-էն 21, տեղի ունեցած Եւրոպայի ազգային գրադարաններու համաժողովի՝ «CENL»-ի տնօրէններու տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին համագործակցութեան յուշագիր մը կնքուած է Հայաստանի ազգային գրադարանին եւ Չեքիոյ ազգային գրադարանին միջեւ։  
Յուշագիրը երկու գրադարաններուն միջեւ մասնագիտական վերապատրաստումներու եւ փորձի փոխանակութեան լայն հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ։ 2023 թուականին արդէն իսկ նախատեսուած է երկու գրադարաններու մասնագէտներուն միջեւ փորձի փոխանակում իրականացնել՝ գրադարանային հաւաքածոներու պահպանում եւ վերականգնում, հնատիպ գիրքերու եւ ձեռագիրներու թուայնացում, թուայնացման հայեցակարգեր ուղղութիւններով։