ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէսը | մարտ

սպտ 07, 2023 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

Untitled design - march 
 

Հայաստանի մարզային գրադարաններու եւ Երեւանի Աւետիս Իսահակեանի անուան քաղաքային կեդրոնական գրադարանի եւ մասնաճիւղերու գեղարուեստական գրականութեան սպասարկման մարտ ամսուան վիճակագրական տուեալներուն վերլուծութիւնը խորհելու տեղ կու տայ։ Տասնմէկ գրադարաններու միացեալ ցուցակին վրայ 79 գիրք կայ, որոնցմէ 31-ը եղած են նաեւ փետրուար ամսուան տասնեակներուն մէջ։ 


Գրադարաններէն ներս ամէնէն շատ ընթերցուող հեղինակը Ակաթա Քրիստին է։ Անոր գիրքերէն 9-ն տեղ գտած են ցուցակին վրայ։ Արկածախնդրութեան թագուհիին չորսական գիրքերով կը յաջորդեն Աշոտ Աղաբաբեանը եւ Էրիխ Մարիա Ռեմարքը։ 20-րդ դարու մեծանուն ծանրամարտիկ Սերկօ Համբարձումեանի մասին Աղաբաբեանի «Վերջին անգամ կ'ապրինք» գիրքը՝ Երեւանի մէջ, իսկ հետախոյզ, զօրավար Յովհաննէս Աղայեանցի մասին «Գաղտնիքներու տիրակալը» վէպը Արարատի մարզի մէջ ամէնէն պահանջուած գիրքն է։ Բարձր պահանջարկ ունին նաեւ թրքական արմատներով բրիտանացի գրող, յօդուածագիր Էլիֆ Շաֆաքի վէպերը։ 


Ուրախալի է գրադարաններու լաւագոյն տասնեակներուն մէջ տեսնել հայ գրողներու եւ հեղինակներու աճող ներկայութիւնը։ Լաւագոյն տասնեակներու համադրութեան շնորհիւ ընթերցողական պահանջարկի վիճակագրութեամբ առանձնացած են Րաֆֆիի «Սամուէլը», Ալեքսանդր Շիրուանզադէի «Քաոսը», Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունին»։ Ժամանակակից հայ գրողներէն գրադարաններէն ներս կը նախընտրեն կարդալ Դաւիթ Սամուէլեանի, Արամ Պաչեանի, Գոհար նաւասարդեանի, Անուշաւան Պօղոսեանի, Գուրգէն Խանճեանի, Սիւնէ Սեւադայի եւ ուրիշներու գիրքերը։