Հեռախոսահամար
մրտ 24, 2025 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ
Փետրուար ամսուան ամէնէն պահանջուած գեղարուեստական գիրքերու ցուցակին մէջ 113 գիրք կայ: Ամէնէն ընթերցուած հեղինակը, ինչպէս շատ յաճախ, Ակաթա Քրիստին է՝ 13 գիրքերով։ Անոր կը հետեւին Վարդգէս Պետրոսեանը՝ 4 գիրքերով եւ Էրիխ Մարիա Ռեմարքն ու Գոհար Նաւասարդեանը՝ 3-ական գիրքերով:
Լաւագոյն տասնեակներուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով յայտնուած են ժամանակակից պելճիքացի գրող Ամելի Նոթոմպի «Թշնամիին զարդարանքը», արձակագիր, գրականագէտ Գէորգ Տէր Գաբրիէլեանի Հրանդ Մատթէոսեանի հետ հանդիպումներու ու շփումներու մասին «Հրանդ» յուշապատում-վիպակը, Կոստան Զարեանի հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը եւ հայդուկային շարժումը փառաբանող «Տատրագոմի հարսը» բանաստեղծութիւնը, Ճենկիզ Էրճիւմենթի «Քլարնեթահարը» վէպը:
Ամիսներ շարունակ ամէնէն մեծ պահանջը վայելող գիրքերու ցուցակներուն մէջ հատ ու կենտ բանաստեղծական գիրքեր կը յայտնուին: Այս առումով փետրուարը բացառիկ է: Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Վահան Տէրեանի, Կոստան Զարեանի եւ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնները եւ քառեակները, Անահիտ Սարգսեանի «Փշրուած երազներ», Համը Սահեանի «Զիս բացակայ չդնէք», Յուսիկ Արայի «Երբ կը սիրեմ քեզ» ժողովածոները, Յովհաննէս Շիրազի «Տանթէականը» ընդգրկուած են գրադարաններուն ամէնէն շատ ընթերցուող գիրքերու ցուցակներուն մէջ:
Ամէնէն շատ պահանջուած հեղինակներուն եւ գիրքերուն յառաջատար եռեակը անփոփոխ է։ Ինչպէս յունուարին, այնպէս ալ փետրուարին, հարցումին մասնակից գրադարաններուն մէջ ամէնէն շատ շրջանառուած են Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի», Շիրուանզադէի «Քաոս» եւ Աշոտ Աղապապեանի «Սեւ յովազ» վէպերը։ Հարցման մեկնարկէն ի վեր (յունուար 2023) առաջին անգամ ըլլալով հանրապետութեան մարզային գրադարաններուն եւ Երեւան քաղաքի միացեալ լաւագոյն տասնեակին մէջ միայն մէկ արտասահմանեան հեղինակի գիրք կայ՝ Ալեքս Մայքլիտիսի «Ցասում» վէպը։