Հեռախոսահամար
հնվ 25, 2025 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ
Վերջին տասնամեակներուն հանրային գրադարաններուն մէջ ընթերցողական կազմի փոփոխութիւններու բերումով Հայաստանի գրքային ամսական քարտէսին վրայ յայտնուող գիրքերուն անունները կարելի է գոնէ մօտաւոր ճշգրտութեամբ կռահել: Պատճառն այն է, որ ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը դպրոցականներ եւ ուսանողներ են: Ուստի բնական է, որ տուեալ ամսուան քարտէսին վրայ յայտնուին ուսումնական ծրագիրներով յանձնարարուող գիրքերուն շապիկները:
Մինչդեռ ժամանակակից հեղինակներու ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութիւնը գրքային քարտէսներուն վրայ յայտնուելու համար պէտք է իր ճամբան ինքնուրոյն եւ մրցակցային պայքարով հարթէ: Մեր գրառումներուն հետեւողները քարտէսին վրայ կը տեսնեն միայն որեւէ ամսուան ընթացքին տուեալ նահանգի գլխաւոր գրադարանին մէջ ամենէն շատ կարդացուած գիրքին շապիկը: Մինչդեռ գրադարաններու միացեալ համադրուած վիճակագրութեամբ կազմուող ամէնէն շատ կարդացուած գիրքերու տասնեակը միշտ տարբեր կ՚ըլլայ:
Ներկայիս մեր երկրի հանրային գրադարաններէն մօտ 300 հազար ընթերցող կ՚օգտուի, որ փոքր ինչ պակաս է բնակչութեան ընդհանուր թիւի 10 տոկոսէն: 2024 թուականին ամէնէն ընթերցուող գիրքերու ցուցակներու կազմումին հանրապետութեան բոլոր 10 մարզերէն 15 գրադարան եւ գրադարանային համակարգ մասնակցած է: Ցուցակին վրայ մշտապէս 100-110 գիրք կ՚ըլլայ, ուր մշտական հեղինակներ կան՝ Րաֆֆի, Նար-Դոս, Վարդգէս Պետրոսեան, Ակաթա Քրիսթի, Ալեքս Մայքլիտիս, Ուիլիամ Սարոյեան, Ռեմարք, Խալետ Հոսէյնի, Էլիֆ Շաֆաք եւ շատ ուրիշներ:
Ծանօթացէք դեկտեմբերին Հայաստանի գրադարաններուն մէջ առաւել շատ ընթերցուած եւ պահանջուած գիրքերու տասնեակին: Ինչպէս կը տեսնէք՝ առանձին գրադարաններու եւ համադրուած ընթերցանութեան միացեալ ցուցակներուն վրայ միայն երկու գիրք կը կրկնուի: Անոնք են ցուցակի 1-ին եւ 2-րդ դիրքերուն գիրքերը.
Աշոտ Աղապապեանի «Սեւ յովազ 1» եւ «Սեւ յովազ 2» վէպերը ցուցակին երկրորդ դիրքին վրայ են գլխաւորաբար Երեւանի եւ Տաւուշի նահանգի ընթերցողներուն աջակցութեամբ: Իսկ Կոտայքի, Արարատի, Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու պատանեկան տարիքի ընթերցողներուն աշխուժութեան շնորհիւ դեկտեմբերեան տասնեակին մէջ ժամանակակից գրող Ռուբէն Եսայեանը միանգամայն երկու գիրքով ներկայ է: