Հեռախոսահամար
մրտ 27, 2025 Նորութիւններ ԳՐԱԿԱՆ ԷՋ
«Սիրելի նազելի Ռուզանին՝ լաւագոյն մաղթանքներով։ Աւետիք Իսահակեան»։ «Սիրելի շնորհալի Ռուզանին, բախտաւոր ըլլաք, մէկ բարձի վրայ ծերանաք, տեսնենք, ուրախանանք։ Աւետիք Իսահակեան»։
Մակագրութիւնները՝ Աւետիք Իսահակեանի ինքնագիրները, Հայաստանի ազգային գրադարանի նոր ձեռք բերած գրքերուն շարքին են՝ Գրիգոր Սիւնիի «Հայ երգ-փունջ» ձայնանիշներու երկհատորեակին մէջ։ Իսահակեանը գիրքերը մակագրած է 1944 թուականի մայիս 21-ին՝ Երեւանի մէջ։ Մեր փոքրիկ հետազօտութեան համաձայն՝ բանաստեղծը այս ձայնանիշները նուիրած է դերասանուհի եւ ասմունքող Ռուզաննա Վարդանեանին։
Իսահակեանի երկերու 14-հատորեայ լիակատար ժողովածոյի 14-րդ հատորին մէջ զետեղուած է բանաստեղծին եւս մէկ մակագրութիւնը դերասանուհիին. «Երազական ու սիրելի Ռուզանին. մարդ այնքան մեծ է, որքան մեծ են անոր երազները։ Արուեստը երազի իրականացումն է։ Իրականութիւնը անցնող կեանքն է. արուեստն է յաւերժականը ու ճշմարիտը։ Աւետ. Իսահակեան, 28.12.45, Երեւան»։ Իսահակեանը այս տողերը գրած է իր լուսանկարին վրայ եւ նուիրած դերասանուհիին՝ ժողովրդական արուեստագէտի կոչում ստանալու առթիւ։
Ռուզաննա Վարդանեանը բեմադրիչ եւ դերասան Վաւիկ Վարդանեանի քոյրն էր, ինչպէս նաեւ գեղանկարիչ Խաչատուր Եսայեանի կինը։ Ան մահացած է 1957-ին Սունդուկեանի անուան թատրոնի բեմին վրայ՝ Աւետիք Իսահակեանի «Պինկէօլ» բանաստեղծութիւնը արտասանելու ընթացքին, երբ կը նշուէր դերասանուհի Սիրանոյշի ծննդեան 100-ամեակը։