Հեռախոսահամար
հնս 26, 2025 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Քանատահայ անուանի ջութակահար Մարթին Պազարեան Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրեց իր ծնողներուն՝ 1946 թուականի արտասահմանեան հայերու հայրենադարձութեան եւ ընդունելութեան կազմակերպիչ, «Ներգաղթ» կոմիտէի տեսուչ Մովսէս Պազարեանի եւ թարգմանչուհի Արտա Պազարեանի հարուստ անձնական գրադարանէն հեղինակային ընծայագիրներով գրականութիւն։
Նուիրաբերուած գիրքերու շարքին են քանդակագործ Արա Սարգսեանի, Սիլուա Կապուտիկեանի, Լեւոն Միրիջանեանի, Նայիրի Զարեանի, Սերո Խանզատեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Ստեփան Ալաճաճեանի, Պետրոս Հաճեանի, Արտեմ Յարութիւնեանի, Ռաֆայէլ Շիշմանեանի եւ այլ անուանի գրողներու ստեղծագործութիւնները։ Գիրքերէն զատ, գրադարանին փոխանցուեցաւ նաեւ ՀԽԸՀ գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան՝ 1946 թուականին արտասահմանեան հայերու հայրենադարձութեան եւ ընդունելութեան օժանդակելու համար Մովսէս Պազարեանին տրուած պատուոգիրը։
Այս գիրք-յուշերը իրենց մէջ կը կրեն ոչ միայն տպագիր ժառանգութիւն, այլեւ մարդկային ջերմ կապերու յուշագրութիւնները՝ ընծայագիրներու տեսքով։ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը ընդգծեց. «Այս արժէքաւոր գիրքերը իրենց պատուաւոր տեղը պիտի գտնեն գրադարանի Անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի ինքնագիրներով հաւաքածոյին մէջ։ Ազգային գրադարանը մշտապէս պատրաստ է ընդունելու ընտանեկան գրադարաններ, սերունդէ սերունդ փոխանցուած գիրքեր։ Կը վստահեցնենք, որ գրադարանին փոխանցուած գրական ժառանգութիւնը ապահով ձեռքերու մէջ է»։ Միջոցառման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Քանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրու Թրնէրը։