ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Արամ Խաչատուրեանի ինքնագիր համերգային ծրագիրը կը պահուի Հայաստանի ազգային գրադարանի մէջ

հկտ 24, 2024 Նորութիւններ

ախխխ2024 
 

Արամ Խաչատուրեանի ինքնագիր համերգային ծրագիրը կը պահուի Հայաստանի ազգային գրադարանի ինքնագիրներու հաւաքածոյին մէջ։ Խաչատուրեանը իր ստորագրութեան կից նաեւ իւրայատուկ ձայնանիշային էքսլիպրիսանման պատկեր մը գծած է ծրագրի էջին վրայ։ Երաժշտական Հայաստանի մէջ՝ «Արմենիա» միջազգային երաժշտական 8-րդ փառատօնի այս օրերուն, կը ներկայացնենք այդ բացառիկ նմուշը։

Համերգային յայտագիրը տպուած է Պէյրութի մէջ 1961-ին, որմէ յստակ կը դառնայ, որ աշխարհահռչակ երգահանը այդ տարի համերգով հանդէս եկած է Պէյրութի մէջ։ Ծրագրին մէջ նշուած է, որ սիմֆոնիք համերգի ղեկավարն է Արամ Խաչատուրեանը, մենակատարներու շարքին ալ կը յիշատակուի Սերճո Փեթրիքարոլիի անունը։ Ծրագրի՝ Փեթրիքարոլիին նուիրուած էջին վրայ մակագրած է նաեւ ինք՝ Սերճո Փեթրիքարոլին։

աա23.11

Իտալացի յայտնի դաշնակահար Փեթրիքարոլին (1930-2019) 1959-ին ելոյթ ունեցած է Եգիպտոսի մէջ՝ կատարելով Արամ Խաչատուրեանի դաշնամուրի քոնչերթոն՝ վերջինիս ներկայութեամբ եւ արժանանալով մեծ երգահանի գնահատանքին։ Քահիրէի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ Փեթրիքարոլին ու Խաչատուրեանը հանդէս եկած են Պէյրութի մէջ 1961-ին։ Համերգին օրը յայտագրին մէջ նշուած է մայիս 14։

Ըստ «Արուեստագիտական հանդէս»-ի 2023-ի 2-րդ համարին մէջ տպուած յօդուածին՝ 1961 թուականի մայիսին Արամ Խաչատուրեան այցելած է Պէյրութ, «ուր մայիս 12-ին, 13-ին եւ 14-ին տեղի ունեցած են երգահանի հեղինակային 3 համերգները, իսկ մայիս 17-ին՝ հրաժեշտի համերգը, որոնց ընթացքին Քահիրէի սիմֆոնիք նուագախումբը Արամ Խաչատուրեանի ղեկավարութեամբ կատարած է երգահանի սիմֆոնիք ստեղծագործութիւնները»։ Նոյն յօդուածին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Արամ Խաչատուրեանի լիբանանեան այցելութիւն-համերգային գործունէութիւնը մեծ դեր ունեցած է արաբական կատարողական արուեստի զարգացման գործին մէջ։ Նիւթի մը սահմաններուն մէջ շատ չծաւալուելով՝ նշենք, որ Հայաստանի ազգային գրադարանը տակաւին պիտի անդրադառնայ այս նիւթին։ Հետեւեցէ՛ք գրադարանի բոլոր հրապարակումներուն։