Հեռախոսահամար
հկտ 09, 2024 Նորութիւններ
Սեպտեմբեր 1-ին՝ Գիտելիքի օրը, յիշենք ու արժեւորենք գիտութեան, կրթութեան, մասնագիտական ասպարէզին իրենց նպաստը բերած անհատները, որոնցմէ էր մանկավարժ, գրադարանավար-մատենագէտ Կարապետ Քացախեանը (1919-1996)։ Հայաստանի ազգային գրադարանի երկարամեայ աշխատակից Կարապետ Քացախեանը ծնած է այսօր՝ սեպտեմբեր 1-ին Ջաւախքի Ախալցիխէ գիւղաքաղաքը։
1967 թուականին աշխատանքի անցնելով Ալ. Միասնիկեանի անուան հանրապետական գրադարանի (Հայաստանի ազգային գրադարանի) համալրման բաժինը, այնուհետեւ կը տեղափոխուի մատենագիտութեան բաժին։ Դժուար է գերագնահատել Քացախեանի մատենագիտական ժառանգութիւնը։
Հսկայական է անոր աւանդը վերլուծական մատենագիտութեան ասպարէզէն ներս։ Անոր տարիներու աշխատանքի արգասիքն են՝ «Մուրճ», «Լումայ», «Փորձ», «Էմինեան ազգագրական ժողովածոյ» եւ այլ պարբերականներու մատենագիտութիւնները։ Կարապետ Քացախեանը մասնակցած է նաեւ «Աւետիք Իսահակեան» կենսամատենագիտութեան առաջին հատորեակը կազմելուն։