Հեռախոսահամար
հնս 24, 2024 Նորութիւններ Պաշտօնական
Աշխարհի մէջ ազգային գրադարանային հաւաքածոները (ԱԳՀ) կը պահպանուին ազգային եւ ակադեմական գրադարաններէն ներս։ Վերջին քսանամեակին ԱԳՀ-ները իրենց հաւաքածոները կը հարստացնեն նաեւ թուայնացուած եւ թուածին նիւթերով: Ելեկտրոնային ԱԳՀ-ները թուային ժառանգութեան պահպանման կարեւոր բաղադրիչ են, սակայն այն համաշխարհային առումով բազմաթիւ մարտահրաւէրներու կը բախի:
Յունիս 16-էն 18-ը Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը Վարսաւիոյ մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական ազգային գրադարաններու տնօրէններու համաժողովին (CENL), ուր ներկայացուց Հայաստանի ԱԳՀ-ի ձեւաւորման պատմութիւնը եւ թուային ԱԳՀ-ի հայեցակարգը։
Ազգային գրադարանային ելեկտրոնային հաւաքածոյի ստեղծումը եւ զարգացումը պիտի ապահովէ Հայաստանի թուային մշակութային ժառանգութեան պահպանումը ապագայ սերունդներուն համար: Անհրաժեշտ է օրէնսդրական դաշտի փոփոխութիւն կատարել եւ ընդլայնել գործառութային հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ խթանել միջազգային համագործակցութիւնը։