Հեռախոսահամար
մյս 23, 2025 Նորութիւններ Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս հանդիսաւոր բացուեցաւ «Վարպետը՝ Ազգայինէն ներս. 150 ցուցանմուշ» գրականութեան ցուցահանդէսը՝ նուիրուած մեծանուն գրողի ծննդեան 150-ամեակին։ Ցուցահանդէսի խորագիրը խորհրդանշական էր. 100 գիրք գրադարանէն, 50 թանգարանային ցուցանմուշ՝ թանգարանէն։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը, որ ընդգծեց գրական ժառանգութիւնը արժեւորելու եւ տուն-թանգարանի հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Արմենուհի Աւետիսեանը խօսեցաւ նախաձեռնութեան մշակութային նշանակութեան մասին։ Ներկայացնելով ցուցահանդէսի՝ թանգարանէն բերուած ցուցանմուշները, խօսեցաւ Վարպետի՝ որպէս գրքահաւաք ունեցած հարուստ գրադարանի մասին։ Միջոցառման պատուաւոր հիւրն էր Վարպետի թոռը՝ գրականագէտ Աւիկ Իսահակեանը, որ ջերմութեամբ ու յուզմունքով պատմեց ընտանեկան յուշեր, ներկայացուց Իսահակեանի՝ արտասահմանը անցուցած տարիներու որոշ ուշագրաւ դրուագներ եւ ողջունեց Ազգային գրադարանէն ներս նման նախաձեռնութեան իրականացումը։
Միջոցառման բանախօսներէն էր նաեւ ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դեկան Արշալոյս Գալստեանը, որ ոչ միայն ներկայացուց Վարպետի գրական ժառանգութեան առանձնայատկութիւնները, այլ նաեւ իրականացուց հետաքրքրական քննարկում միջոցառման հիւրերու եւ Աւետիք Իսահակեանի անուան թիւ 16 աւագ դպրոցի ու Խ. Աբովեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցներու աշակերտներուն հետ։