Հեռախոսահամար
հկտ 11, 2024 Նորութիւններ
Սրտի ցաւով կը յիշենք, որ այսօր կը լրանայ լրագրող, ազգային-հասարակական գործիչ Հրանդ Տինքի ծննդեան 70-ամեակը։
Զահրատը հրաշալի բանաստեղծութիւն մը գրած է անոր սպանութենէն անմիջապէս ետք։ Իսկ ան կը հաւատար, որ աղաւնիներուն վրայ չեն կրակեր։ Աղաւնիները համոզեցին, ըսին, որ իրենց վրայ չեն կրակեր. Հրանդ հաւատաց։ Թէպէտ երկչոտ՝ հաւատաց, թէ աղաւնի մըն է։ Բայց կրակեցին։ Նախատեսած էր, մէկ քանի տարի առաջ ըսած էր ինծի. «Իմ մահս պիտի ըլլայ ոտքի վրայ՝ կանգնած, ոչ թէ պառկած՝ անկողինի մէջ»։ Թող պառկի լոյսերու մէջ։ Եթէ մեզի հարցնէք, ան միշտ յաղթական պիտի կանգնի՝ անաղարտ արձանի մը պէս։ Զահրատ