ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէս | նոյեմբեր

դկտ 04, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

նոյեմբեր արևմտահայերեն 2024
 

Հայաստանի ազգային գրադարանի նոյեմբերեան տասնեակի առաջին հորիզոնականին վրայ է Հերման Հեսսէի «Հուլունքախաղը»: Այս վէպը գրողին վերջին մեծ գործն է, որ Հեսսէին ոչ միայն նոպէլեան մրցանակ, այլեւ անմար փառք բերաւ:

Տասնեակին մէջ տեղ գտած են նաեւ Ժան Փօլ Սարթրի «Սրտխառնուքը» եւ Քամիլո Խոսէ Սելայի «Փեթակը»: Սելայի վէպը «դաժան իրապաշտութեան» մը օրինակ է, ուր հեղինակը գեղարուեստական գրիչով ներկայացուցած է յետպատերազմեան եւ բռնապետական Սպանիոյ իրականութիւնը եւ պատերազմի հետեւանքները:

Ալեքսանդր Շիրուանզադէի «Քաոսը» ոչ միայն Ազգային, այլեւ համայնքային եւ մարզային գրադարաններու նոյեմբերին առաւել շատ ընթերցուած գիրքերու ցուցակին վրայ է։ Շիրուանզադէն քաոսի միջոցաւ կը քննէ մարդը եւ անոր ներսի պայքարը՝ վէպին կերպարներուն միջոցաւ ներկայացնելով բարոյականութեան, սիրոյ եւ ազնուութեան նիւթերը։

Նոյեմբերի ամէնէն ընթերցուած գիրքերու տասնեակը տարբեր ժանրերու եւ նիւթերու լայն շրջանակ մը կ’ընդգրկէ, որոնք մարդկային բնաւորութեան եւ հոգւոյ ամէնէն տարբեր դրսեւորումները կը ներկայացնեն։