ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Հայ մամուլ» շտեմարանը հարստացել է The Armenian Review հանդէսի ելեկտրոնային տարբերակներով

մրտ 12, 2024 Նորություններ-arm

revieww 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանի «Հայ մամուլ» շտեմարանը հարստացաւ «The Armenian Review / Հայկական հանդէս» պատմագիտական, հայագիտական հանդէսի 1948-2021 թուականներու թիւերուն ելեկտրոնային տարբերակներով➡ https://tert.nla.am/mamul/Armenian-review/Table.html

Թուայնացուած եւ նշաճանաչուած թիւերը գրադարանին նուիրած է պարբերականի գլխաւոր խմբագիր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոլոմպիոյ համալսարանի դասախօս Խաչիկ Մուրատեանը:

«The Armenian Review»-ն կը հրատարակուի անգլերէն՝ Պոստոնի մէջ (ԱՄՆ), 1948-էն՝ տարին չորս թիւ: Տարբեր տարիներու հանդէսի խմբագիրներ եղած են Ճէյմզ Թաշճեանը, Ժիրայր Լիպարիտեանը, Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը, Հայկ Օշականը, Ասպետ Քոչիկեանը եւ այլք: Կը հրապարակէ Սփիւռքի, Հայաստանի, հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի վերաբերեալ յօդուածներ, հայագիտական առաւել նշանակալի ուսումնասիրութիւններու գրախօսութիւններ: Հանդէսին մէջ կարեւոր տեղ ունի Հայկական հարցի տարբեր խնդիրներու, առանձնապէս՝ հայերու ցեղասպանութեան պաշտպանութեան մշակումը: