ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հաճելի եւ օգտակար լուր մը Հայաստանի ազգային գրադարանի ընթերցողներուն

մրտ 28, 2024 Նորություններ-arm

hajeli lur esbco 
 

Հաճելի եւ օգտակար լուր մը ունինք Հայաստանի ազգային գրադարանի ընթերցողներուն։ Գրադարանէն օգտուողները մէկ տարիով անվճար մուտք ունին դէպի «EBSCO Publishing»-ի տուեալներու շտեմարան: Շտեմարանէն կարելի է օգտուիլ ինչպէս գրադարանի կայքին միջոցաւ https://nla.am/ebsco, այնպէս ալ գրադարանի համակարգչային սրահէն:

«EBSCO Publishing»-ը առաջարկէ ամբողջական բովանդակութեամբ գիտական ամսագիրներ, որոնք կը հրապարակեն բարձրորակ եւ վստահելի յօդուածներ՝ ճանչցուած հրատարակիչներու ընտրութեամբ՝ ըստ հետազօտողներու կարիքներուն: Այս շտեմարանները տեղեկատուութիւն կը տրամադրեն անգլերէնով, սակայն կարելի է գտնել նաեւ ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն եւ այլ լեզուներով յօդուածներ եւ գիրքեր: Առաջին անգամ «EBSCO»-ն կ’առաջարկէ նաեւ հայերէն նիւթեր։

Գրադարանի ընթերցողները կրնան «EBSCO Publishing»-ի շտեմարաններէն օգտուիլ նաեւ տունէն՝ իրենց յարմար ժամերուն։ Մուտքանուն եւ գաղտնաբառ ստանալու համար հարցում ուղարկեցէք «[email protected]» ելեկտրոնային հասցէին՝ նշելով ձեր անունը եւ ընթերցողական տոմսին ամբողջական թիւը։