ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

ՀԱԳ-ը ստացած է Մարսիլիոյ մէջ տպագրուած «Պարզատօմար»-ի թուային տարբերակը

հլս 09, 2024 Նորություններ-arm Նուիրատուութիւններ

tuxtt

Հայ հնատիպ գիրքերու թուայնացման գործին մէջ Հայաստանի ազգային գրադարանը կը համագործակցի Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ գրադարաններու եւ գործընկերներու հետ։ Օրերս Մատենադարանէն ստացած ենք 1677 թուականին Մարսիլիոյ մէջ տպագրուած «Պարզատօմար»-ի թուային տարբերակը։

tt11

Անիկա կը պահուի Մաշտոցեան մատենադարանի ձեռագիրներու բաժինը «N9687» ձեռագրին կից եւ կազմակից է 1683 թուականին լոյս տեսած «Պարտէզ հոգեւոր»-ին։ Գիրքը լոյս տեսած է Մարսիլիոյ մէջ Ս. Էջմիածնի եւ Ս. Սարգիսի տպարանէն ներս։ Գիրքի հրատարակիչ Սողոմոնը Ոսկան Երեւանցիի քրոջ որդին է, ով եւ տպարանատէրն էր։ Գիրքին թուային տարբերակին կարելի է ծանօթանալ այստեղէն՝ https://rb.gy/onct9n, հետեւելով «Կարդալ առցանց» հրահանգին։