ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի ազգային գրադարանը ձեռք բերած է երկու հազուագիւտ հրատարակութիւն

հկտ 21, 2024 Նորութիւններ

հինհրատարակություն 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանը ձեռք բերած է երկու հազուագիւտ հրատարակութիւն։ Գրադարանի գնած այդ գիրքերէն մէկը Եփրեմ Ասորւոյ «Գիրք աղօթից»-ն է։ Սուրբ Եփրեմ Ասորին ապրած է 4-րդ դարուն, Ասորիքի մէջ: Ան մինչեւ 5-րդ դարը ներառեալ ապրած տասներկու տիեզերական սուրբ վարդապետներէն մէկն է։ Ծնած է Մծբին քաղաքը, 306 թուին,ք րիստոնեայ ծնողներէ: Եփրեմ Ասորւոյ գործերուն զգալի մէկ մասը պահպանուած է հայերէն թարգմանութիւններով։ Ասորւոյ «Գիրք աղօթից»-ը լոյս տեսած է Կ.Պոլսոյ մէջ, Մարտիրոս Սարգիսեանի տպարանին մէջ, 1734 թուին։ Ունի 95 զարդափակ էջ։ Գիրքին յիշատակարանին մէջ հրատարակիչը կը խնդրէ յիշել իր ծնողները, եղբայրները։ Ամէնավերջը կը խնդրէ յիշել նաեւ զինքը. «... զանպիտան տպողս զՄարտիրոս չնչին դպիրս»։

հազբագյուտ նմուշ

Ազգային գրադարանի օրինակին մէջ գիրքին տիտղոսաթերթը եւ 2-րդ էջը կը բացակային։ Գրադարանը նոյն գիրքին թուային օրինակը ունի, որ հասանելի է «Հայ գիրք» շտեմարանին մէջ եւ թուայնացուած է Մատենադարանի օրինակէն։ Երկրորդ ձեռքբերումը 1888 թուին Կ.Պոլսոյ Ա. Յ. Պոյաճեան տպարանէն հրատարակուած հայատառ թրքերէն Աստուածաշունչն է։

19.10.2024 նմուշ

Երկու գիրքերն ալ գրադարանին համար նոր միաւորներ են, որոնք անցեալին չենք ունեցած։ Գրադարանին հայագիտական հաւաքածոներուն յետադարձ համալրումը մեր առաջնահերթութիւններէն մէկն է։