Հեռախոսահամար
հնվ 29, 2025 Նորութիւններ
Բազմաբնոյթ ծրագիրներով յագեցած պիտի ըլլայ փետրուարը Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ: Գիրքերու ցուցահանդէսի բացումով եւ հանրային դասախօսութեամբ երեք գրական յոբելեաններ պիտի նշենք: Փետրուար 8-ին կը լրանայ նշանաւոր գրող, բանաստեղծ եւ արուեստաբան Կոստան Զարեանի ծննդեան 140-ամեակը: Գրողին գրական վաստակը պիտի ներկայացնէ գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեանը: Փետրուար 12-ին Հրանդ Մատթէոսեանի 90-ամեակին նուիրուած «Ձիապատկերի խորհրդաբանութեան իմաստային հոսքերը Հրանդ Մատթէոսեանի պատմուածքներուն մէջ» խորագրով դասախօսութիւն մը պիտի կարդայ ԵՊՀ դասախօս, բ.գ.թ., դոցենտ Արմենուհի Արզումանեանը: Փետրուար 15-ին գիրքերու ցուցահանդէս պիտի բացուի նուիրուած Ռուբէն Սեւակի 140-ամեակին:
Ամսուան դէպքերու շարքին անշուշտ կարեւոր տեղ պիտի ունենայ Գիրք նուիրելու օրը, որուն ընթացքին գրադարանը նուէրներ պիտի ընդունի եւ ինք պիտի հանդէս գայ իբրեւ նուիրատու: