ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէս | յունուար

փտր 07, 2025 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

գրքային քարտեզ նոյեմբեր 2024    
 

Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի» վէպը կը գլխաւորէ Երեւանի եւ հանրապետութեան հանրային բնոյթի գրադարաններու յունուար ամսուան ամէնէն շատ սպասարկուած գիրքերու ցանկը: Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը զբաղեցնեն համապատասխանաբար Ալեքսանդր Շիրուանզադէի «Քաոս» եւ Աշոտ Աղապապեանի «Մենակը» վէպերը:

Ակաթա Քրիստիի արկածախնդրական վէպերէն 12-ը, Աշոտ Աղապապեանի գիրքերէն 5-ը եւ 3-ական վէպ Գոհար Նաւասարդեանի, Ռեմարքի, Հերման Հեսսէի եւ Ուիլիամ Սարոյեանի գիրքերէն ներկայացուած են ամէնէն շատ պահանջուած գրականութեան ցանկերուն վրայ: Ամէնէն կարդացուած գիրքերու միացեալ տասնեակին մէջ 5 հայ եւ 5 օտար գրողներ կայ:

Ընթերցողական բարձր պահանջ ունեցող գիրքերէն են նաեւ սփիւռքահայ արձակագիր Համաստեղի «Հայաստանի լեռներու սրնգահարը», մշակոյթի նախկին նախարար, հանրային ձայնասփիւռի նախկին տնօրէն Արմէն Ամիրեանի «Նոյ», արձակագիր, թարգմանիչ Գրիգոր Քեշիշեանի «Քեզմէ հեռու, քեզի հետ», ամերիկացի գրող, պատանեկան գիրքերու հեղինակ Ճան Կրինի «Աստղերն են մեղաւոր», անգլիացի գրող Վիրճինիա Վուլֆի «Տիկին Տելուէյ» եւ իսրայէլցի գրող Մայք Օմէրի «Մարդասպանի աչքերով» ոստիկանական վէպերը:

Իսկ դուք ո՞ր գիրքերը կարդացիք ձմեռնային արձակուրդներուն ընթացքին: