ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Գիրք նուիրելու օրուան առթիւ, Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը շարունակէ ստանալ արժէքաւոր ու բացառիկ նուէրներ։

մրտ 03, 2026 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

IMG-0387-1-1

Գրադարանի բարեկամ, լրագրող Մարկ Գրիգորեանը Ազգային գրադարանին նուիրած է հնատիպ արժէքաւոր հրատարակութիւն մը՝ «Ժողովածոյ գիրք. սկիզբն գրոցս, որ կոչի ժողովածոյ», տպագրուած Կ. Պոլսոյ մէջ՝ Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցիի տպարանին մէջ, 1717-1718 թուականներուն։ Ութածալ, 508 զարդափակ էջերէ բաղկացած հրատարակութիւնը ունի հայատառ մամուլանիշեր։ Տիտղոսաթերթը զարդափակ է։ Գիրքին մէջ առկայ են 10 փորագիր պատկերներ՝ մակագրութիւններով, ինչպէս նաեւ գլխազարդեր, վերջազարդեր, լուսանցազարդեր ու զարդագիրներ։ Բնագիրը տպագրուած է 10 կէտաչափի բոլորագիրով. կիրառուած են նաեւ նոտրգիր ու գլխագիրեր։

Թէեւ Ազգային գրադարանին մէջ տուեալ հրատարակութենէն կան քանի մը օրինակներ, սակայն նուիրաբերուած այս օրինակը եղածներուն մէջ լաւագոյն պահպանուածն է եւ կարեւոր համալրում մըն է գրադարանի հնատիպ գիրքերու հաւաքածոյին համար։ Գիրքը թուայնացուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ եւ հասանելի է ՀԱԳ «Հայ գիրք» ելեկտրոնային շտեմարանին մէջ՝ ապահովելով անոր գիտական ուսումնասիրութեան ու հանրային մատչելիութեան հնարաւորութիւնը։ https://is.gd/dlW6OR

Գիրքին մասին տեղեկութիւն կրնաք գտնել նաեւ ՀԱԳ «Գանձեր Հայաստանի ազգային գրադարանի. հնատիպ գիրք» պատկերագիրքին մէջ։ https://is.gd/Yio6EE Հայաստանի ազգային գրադարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մարք Գրիգորեանին՝ ազգային գրաւոր ժառանգութեան պահպանման ու հարստացման ուղղուած արժէքաւոր նուիրատուութեան համար։