Հեռախոսահամար
մրտ 03, 2026 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

#Գիրք_նուիրելու_օր Գիրք նուիրելու օրուան առթիւ, Հայաստանի ազգային գրադարանը արժէքաւոր նուիրատուութիւն ստացած է բանասէր, թարգմանիչ, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր Արամ Թոփչեանէն եւ բանասէր, թարգմանիչ, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր Գոհար Մուրատեանէն։
Նուիրաբերուած հրատարակութիւնները բացառիկ գիտական աշխատութիւններ են հայագիտութեան, միջնադարեան գրականութեան, յունա-հայկական մշակութային կապերու եւ պարականոն գրականութեան ոլորտներէն ներս։ Յատկանշական է, որ ատոնք գրադարանի հաւաքածոներուն մէջ բացակայող օրինակներ էին, եւ այս նուիրատուութեամբ համալրուեցաւ ազգային գիտակրթական նշանակութեան կարեւոր գրականութիւնը։
Հայաստանի ազգային գրադարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ նուիրատուներուն՝ արժէքաւոր գիտական ժառանգութիւնը գրադարանին փոխանցելու եւ ընթերցողին հասանելի դարձնելու համար։
