ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

 

 

 

 

 

0

ՀԱԳ հաւաքածոյ, որմէ գործող հաւաքածոն՝ 6,509,350 միաւոր, գրքափոխանակութեան հաւաքածոն՝ 173,120 միաւոր

0

2023 թուականի առաջին կիսամեակի համալրումներ, որմէ հայերէն՝ 22,208 միաւոր, ռուսերէն՝ 6,870 միաւոր, այլ լեզուներով՝ 1,798 միաւոր

0

2023 թուականի առաջին կիսամեակի մամլոյ թուայնացում, ներառեալ՝ 238,662 էջ թերթ եւ 282,215 էջ հանդէս

0

Թուայնացուած էջ, որմէ գիրք՝ 5,998,411, մամուլ՝ 6,945,808

 

 

 

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՆՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ

 



Հայաստանի Ազգային գրադարանը (ՀԱԳ) հայկական տպագիր արտադրանքի աշխարհի խոշորագոյն պահոցն է, ինչպէս նաեւ ազգային գրադարանագիտութեան կեդրոնը։ Իբրեւ գիտակրթական, մշակութային եւ տեղեկատուական հաստատութիւն՝ ՀԱԳ-ը կը ստեղծէ հայ տպագիր մշակութային ժառանգութեան հաւաքագրման, մշակման, պահպանման եւ տարածման անհրաժեշտ պայմանները։

Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը համագործակցի աշխարհի բազմաթիւ ազգային եւ յառաջատար գրադարաններու հետ։ Միջազգային գրափոխանակութեան միջոցաւ ՀԱԳ-ի հաւաքածոները ամէն տարի կը համալրուին համաշխարհային գրականութեան նմոյշներով։ Գրադարանը կը համագործակցի Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, հայկական սփիւռքի ներկայացուցչութիւններու հետ՝ նպաստելով հայկական տպագիր մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհով մէկ տարածելուն։

Մեր առաքելութիւնն է.
  • ըլլալ երկրի յառաջընթացին անբաժանելի մասը՝ տեղեկատուական քաղաքականութեան, մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներէն ներս,
  • ըլլալ գիտելիքի տարածք՝ Հայաստանի հասարակութեան համար արժէք ստեղծող միջավայր մը,
  • ըլլալ յաճախորդներու պահանջքներուն միտուած հաստատութիւն մը,
  • ըլլալ հանրահասանելի ազգային հաստատութիւն մը, նպաստել երկրի նորարարութեան քաղաքականութիւնը իրականացնելուն, մրցակցային առաւելութիւնները բարձրացնելուն եւ գիտելիքայենք հասարակութիւն ձեւաւորելուն,
  • հանրահռչակել ազգային մշակութային ժառանգութիւնը, աջակցիլ մշակութային բովանդակութեան եւ ծառայութիւններու բազմազանութեան,
  • բարելաւել իրաւական եւ արհեստագիտական պայմանները՝ տեղեկատուութիւնը առաւել մատչելի դարձնելու համար:
272290864-4749497728437928-4804819209435725701-n-1.jpg

 

 

Ամենաընթերցուած գիրքերուն տասնեակը

 

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

 

 

Homepage middle 1
Homepage middle 2
Homepage middle 3

 

 

 

ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ

 

 

ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐ